
Հերոս-Հերոսութիւն
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ.-
➢ Սահմանել «հերոսութիւն» եզրը եւ հերոսը բնութագրող յատկանիշները։
➢ Ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութենէն ( չորս տարբեր Ժամանակաշրջաններէ) մէկական ազգային հերոս իր յատկանիշներով։
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ.-
➢ Սահմանել «հերոսութիւն» եզրը եւ հերոսը բնութագրող յատկանիշները։
➢ Ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութենէն ( չորս տարբեր Ժամանակաշրջաններէ) մէկական ազգային հերոս իր յատկանիշներով։
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել «Ազատութիւն» բառը:
• Հասկնալ ֆետայական խումբերու կազմութեան պատճառներն ու նպատակը։
• Գտնել ֆետայական խումբերու ստեղծման եւ ազատութեան գաղափարին միջեւ կապը:
• Արծարծել մարդկային տառապանքներու եւ իրաւունքներու ոտնակոխման հանդէպ արդար մօտեցում ունենալու կարեւորութիւնը։
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Բացատրել խաչքարի կառուցման պատմականն ու ձեւը։
❖ Ներկայացնել խաչքարի կանգնեցման նպատակները։
❖ Նշել խաչքարի կարեւոր կէտերը։
❖ Սահմանել ամենափրկիչ խաչքարերը։
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Իր նախընտրած նիւթին կամ իրմէ պահանջուած ծրագրին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փնտռել ու գտնել:
• Ճշգրիտ եւ վաւերական տեղեկութիւնները ընտրել։
• Իր գտած տեղեկութիւններէն կարեւորագոյն կէտերը քննել եւ ընտրել։
• Նախագիծ (draft) եւ ուրուագիծ (outline) պատրաստել։
• Որոնումի արդիւնաւէտ ձեւերը ճանչնալ։
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ տուեալ անասուններն ու անոնց անունները։
• Գտնել այս առակին հերոսները եւ անոնց ներկայացուցած մարդկային տիպարը։
• Արժեւորել իւրաքանչիւր տիպարի յատկանիշները։
• Առակին մէջ նշուած կացութեան առնչուած այլ ելքի մը մասին մտածել եւ նոր աւարտ մը առաջարկել անոր։
• Գրուած լաւագոյն տարբերակները թատերախաղի վերածել (աշակերտները իրենք պիտի ըլլան դերակատարները)
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ եւ կիրարկել հանգրուանային բնոյթ ունեցող նիւթ մը գրելու հիմնական քայլերը։
• Ճշգրտօրէն օգտագործել գործընթացի նկարագրութեան անհրաժեշտ մակբայները (ապա, վերջապէս, հիմա, յետոյ, արդէն, կամաց-կամաց․․․)։
• Գրել որեւէ գործընթացի մասին։
• Իր եւ դասընկերոջ մը գրածին անհատական արժեւորումը կատարել։
• Արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները օգտագործել՝ նիւթը ներկայացնելու համար։
• Հայատառ գրելու եւ հայերէնով արտայայտուելու վարժութիւնը ձեռք ձգել։
Դասի աւարտին աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Գտնել տարբերութիւնը Յիսուսի խօսքերը լսողգործադրողին եւ միայն լսողին միջեւ:
• Նշել եւ բացատրել ազատութեան չափանիշերը:
• Վերլուծել, թէ քրիստոնավայել կեանքի մը համար ինչո՛ւ կարեւոր է ժայռի վրայ հաստատել «տան» հիմերը:
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Թուել Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներուն անունները:
• Մատնանշել մայրաքաղաքները քարտէսին վրայ:
• Զարգացնել իր հետազօտական-վերլուծական, կարողութիւններն ու հմտութիւնները:
• Զուգահեռներ ընել անցեալի մայրաքաղաքներուն եւ անոնց ներկայ վայրերուն միջեւ
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի իրաւունքներ:
• Արժեւորել մանուկներու իրաւունքներու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
• Թուել եւ բացատրել հիմնական տասը իրաւունքներ:
• Մշակել եւ ծրագրել քայլեր՝ առնչուած մանուկներու իրաւունքներու կիրարկումին: