Արեւմտահայերէնով Դասերու Հարթակ
Արեւմտահայերէնով
Դասերու Հարթակ
Previous slide
Next slide

Ի՞նչ է «Հայաւանդ»ը

Բարի գալուստ «Հայաւանդ» առցանց հարթակ, ուր պիտի տեսնէք արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասերու ձեւանմոյշներ՝ յարմար 12-15 տարեկան հայախօս աշակերտներու։ Հարթակը ուղղուած է արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու։

«Հայաւանդ»ի գաղափարը յղացուած է Լիբանանի մէջ գործող Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Անիկա կը վայելէ հովանաւորութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայերէնի բաժանմունքին։ Ծրագրին մշակման եւ դասանիւթերու պատրաստութեան կը հսկէ Դոկտ․ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան։

Շարունակել >>>

Արձանագրուէ՛

Որ կարենաս տեսնել հարթակի ամբողջ բովանդակութիւնը

Ներբեռնէ՛

Դասանիւթի ամբողջական բովանդակութիւնը եւ անոր կապուած յաւելուածները

Մասնակցէ՛

Յայտնէ՛ կարծիքդ եւ մասնակցէ՛ քննարկումներուն

Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Կարդա >>
Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Կարդա >>
Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Կարդա >>
Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։

Կարդա >>
Կէտադրութիւն

Կէտադրութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖Ճանչնալ կէտադրական եւ առոգանութեան նշանները։
❖Բացատրել կէտադրական նշաններուն գործածութեան պատճառը։
❖Ճիշդ կէտադրական նշանները գործածել՝ իմաստալի գրութիւն մը ունենալու համար։
❖Աշխատանքներուն ընդմէջէն բացատրել կարեւորութիւնը կէտադրական նշաններուն օգտագործման։

Կարդա >>
Քարանձաւ

Քարանձաւ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ՝

❖ Տեսերիզի մը հետեւողութեամբ՝ բանաւոր եւ գրաւոր ձեւերով բացատրել քարայրներու ստեղծման պայմանները։
❖ Ստուգաբանել շթաքար եւ պտկաքար բառերը եւ սահմանել անոնց իմաստը։
❖ Զանազանել շթաքարը եւ պտկաքարը։
❖ Նկարագրել անձրեւի ջուրին և օգտակար հանածոներու դերը շթաքարերու ստեղծման մէջ։
❖ Նկարագրել շթաքարերու կարեւորութիւնը քարայրներու ստեղծման մէջ։

Կարդա >>