Մեր Մասին
Բարի գալուստ «Հայաւանդ» առցանց հարթակ, ուր պիտի տեսնէք արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասերու ձեւանմոյշներ՝ յարմար 12-15 տարեկան հայախօս աշակերտներու։ Հարթակը ուղղուած է արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու։
«Հայաւանդ»ի գաղափարը յղացուած է Լիբանանի մէջ գործող Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Անիկա կը վայելէ հովանաւորութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայերէնի բաժանմունքին։ Ծրագրին մշակման եւ դասանիւթերու պատրաստութեան կը հսկէ Դոկտ․ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան։
Ինչո՞ւ այս հարթակը․- Արեւմտահայերէնի ցարդ մշակուած առցանց ծրագիրները ընդհանրապէս նկատի կ՚առնեն մանկապարտէզի եւ տարրական բաժնի դասարանները․ միջնակարգի բաժնին (պատանեկան տարիք) համար պակասաւոր են նման աշխատանքներ եւ ուսուցիչներ յաճախ կարիքը կը զգան օրինակներու՝ այլ լեզուներու հետեւողութեամբ՝ պատանիներուն մօտ յաւելեալ հետաքրքրութիւն արթնցնելու արեւմտահայերէնի հանդէպ։ «Հայաւանդ»ի ճամբով կարելի պիտի ըլլայ պատանիին հայերէնով հրամցնել նիւթեր եւ հատուածներ (դասագիրքերու կողքին), որոնք ժամանակակից են եւ կ՚առնչուին այսօրուան ընկերութեան եւ աշխարհին։ Նիւթեր, որոնց կը ծանօթանար այլ լեզուներով՝ հիմա անոնց մասին պիտի կարդայ ու գրէ հայերէնով։ Անշուշտ յաւակնութիւնը չունինք հաստատելու, որ կատարեալ եւ ամբողջական ծրագիր մըն է փոխանցուածը․ անոր նպատակը պարզապէս արեւմտահայերէնով դասաւանդման նմոյշներ հրամցնել է ուսուցիչներու, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ՚ուզեն այլ ձեւեր օգտագործել։
Այս հարթակին վրայ պիտի տեղադրուին 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու (12-15 տարեկան) յատուկ արեւմտահայերէնի դասաւանդման դասի ծրագիրներ (lesson plans)։ Ծրագիրները պիտի կեդրոնանան հաւասարապէս լեզուի իւրացման բոլոր հմտութիւններուն եւ անոնց կարողականութիւնները ( competencies) զարգացնելու վրայ։ Բոլոր տեղադրումներուն կցուած պիտի գտնէք ձեւանմոյշներ, որոնք կը ճշդեն տուեալ դասին նպատակակէտը, մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն այդ դասը փոխանցելու գործընթացը եւ հանգրուանները, օգտագործուելիք նիւթերը, վարժութիւնները, տեսերիզներ, արժեւորումի չափորոշիչներ եւ գնահատման եղանակներ։
Այս հարթակէն կրնան օգտուիլ ամէնօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ արեւմտահայերէնով դասաւանդող բոլոր հայ ուսուցիչները։