Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Տարիք․- 14-15 տարեկան.
Պատրաստող ուսուցիչ․- Սրբուհի Սարգիս-Ճենանեան
Ե-նամակ՝ serpoug.sarkis@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
➢ Պատանին պէտք է գիտնայ իր պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկը, որպէսզի ունենայ գիտակցութիւնը իր ազգին իրաւունքները պահանջելու:
➢ Ան պէտք է գիտակցի այն իրողութեան, որ հակառակ ՄԱԿ-ի որդեգրած մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու գոյութեան եւ անոնց կատարած օգնութիւններուն, որոնք կը սահմանափակուին միայն առարկայական տուեալներով, քաղաքական շահերն են, որոնք կը ճշդեն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի փոքր ազգերու ճակատագիրը: Այդպէս է, որ երբ մեծ ոճիր մը կը մնայ անպատիժ, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, առիթ կու տայ նոր ոճիրներու կազմակերպման:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Սահմանել ցեղասպանութիւն եզրն ու նշել բառը առաջին անգամ օգտագործողին անունը։
➢ Վերլուծել ցեղասպանութեան կազմակերպման հիմնական պատճառը՝ բանթուրանիզմը։
➢ Վերլուծել երիտ. թուրքերու քաղաքականութիւնը դրսեւորող գաղափարները (բանիսլամիզմ-բանթուրքիզմ)։
➢ Թուել Ցեղասպանութիւնը ծրագրող եւ կազմակերպող հիմնական պարագլուխներուն անունները։
➢ Ներկայացնել Ցեղասպանութեան կիրարկման հանգրուանները։
➢ Նշել հայ ժողովուրդին կրած վնասները։
➢ Թուել ՄԱԿ-ի Ուխտի որդեգրած հինգ կէտերը ցեղասպանութեան գծով:
➢ Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ ընդունող երեքական երկիր:
➢ Նշել երեք երկիր, ուր զետեղուած են Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կոթողներ:
➢ Հիմնաւորուած ձեւով ներկայացնել հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հիմնական սկզբունքները։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։