Դասանիւթ.- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Սուրբ Սարգիսի Տօնը Եւ Հայկական Բարքերն Ու Աւանդութիւնները
Տարիք․- 13-15
Պատրաստող ուսուցիչ․-Սրբուհի Սարգիս-Ճենանեան
Ե-նամակ՝ serpoug.sarkis@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Հայկական սիրոյ տօնին, անոր շուրջ հիւսուած աւանդութիւններուն եւ հայկական սովորութիւններուն ճամբով՝ խթանել հայ պատանիները, որ օտար մշակոյթի կողքին, ունենան նաեւ ճանաչումը հայ ժողովուրդի հարազատ ինքնութեան եւ անոր առնչուած իւրայատուկ սովորութիւններուն։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ներկայացնել Սուրբ Սարգիսին կենսագրական գիծերը։
❖ Բացատրել անոր սրբութեան հետ առնչուած դէպքը։
❖ Թուել երեք երկիրներ եւ Հայաստանէն երեք շրջաններ, ուր կառուցուած են Սուրբին նուիրուած եկեղեցիներ։
❖ Ներկայացնել Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած հայկական երեք սովորութիւն։
❖ Նշել Սուրբին ունեցած արժէքը հայութեան համար:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։