Դասանիւթ․- Կրօն
Նիւթ․- Պահք/Պահեցողութիւն
Տարիք․- 12-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Հայր Զաւէն վրդ․ Նաճարեան
Ե-նամակ` zaven.najarian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Կրօնի դասաւանդման ծիրէն ներս, աշակերտները կը ստանան Աստուածաշնչական գիտելիքներ, որոնց ընդմէջէն կը ծանօթանան պահեցողութեան իսկական իմաստին ու խորհուրդին եւ զայն կը փորձեն առնչել իրենց կեանքին։ Պահեցողութիւնը կը քաջալերէ ու եռանդ կու տայ իւրաքանչիւր մարդ անհատի, որպէսզի մարզէ իր կամքը եւ աստուածահաճոյ ապրելակերպի հասկացողութիւն կազմաւորէ։
Նպատակակէտեր․-
Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել պահք պահեցողութիւն յղացքը։
• Բացատրել թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս հաստատած է Մեծ Պահքը։
• Նշել պահեցողութեան նպատակն ու արժէքը։
• Ներկայացնել պահեցողութեան կարեւորութիւնը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։