Դասանիւթ․- Գիտական/Առողջապահական
Նիւթ․- Մարզանք եւ Սիրտի Առողջութիւն
Տարիք․- 14-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Տօնիկեան Գույումճեան
Ե-նամակ` lucy.kouyoumjian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Պատանիներու մօտ ֆիզիքական առողջութեան ճիշդ հասկացողութիւն կերտելու համար յատուկ անդրադարձ պէտք է կատարել մարզանքին եւ անոր ունեցած բարերար ազդեցութեան։ Այս դասին նպատակն է մանրամասնօրէն խօսիլ ֆիզիքական աշխուժութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման միջեւ գտնուող կապին մասին, որպէսզի աշակերտները քաջալերուին ըլլալ ֆիզիքապէս աւելի աշխոյժ և իրենց առօրեայ կեանքէն առնուազն մէկ ժամ տրամադրեն մարզանքի՝ միեւնոյն ժամանակ դադար առնելով իրենց ելեկտրոնային գործիքներէն։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել սիրտին պաշտօնը։
❖ Շօշափելով գտնել բազկերակը։
❖ Չափել սիրտի զարկերու/ կծկումներու կշռոյթը։
❖ Բանաձեւել փորձարկելի վարկած մը։
❖ Փորձեր կիրարկել տուեալներ ստանալու համար։
❖ Վերլուծել գտած տուեալները։
❖ Բանաւոր ձեւով ներկայացնել իր տուեալները։
❖ Բացատրել սիրտին, արեան եւ շնչառութեան միջեւ կապը։
❖ Զարգացնել խմբային աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Եզրակացնել թէ ինչո՛ւ մարզիկներու սիրտի զարկերու/ կծկումներու կշռոյթը նուազ կ՛ըլլայ քան սովորական անձինը։
❖ Ինքնարժեւորում մը կատարել իր սորվածին փորձառութեան։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։