Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Կէտադրութիւն
Տարիք․- 12-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե- նամակ՝ talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
❖Կէտադրութիւնը կը յստակացնէ գրութիւնը եւ ձեւ ու ոճ կու տայ անոր բառերուն։
❖Անոր ճիշդ օգտագործումը կարեւոր է նպատակադրուած իմաստը փոխանցելու համար։
❖Կէտադրական նշանները ուղղութիւն կու տան ընթերցողին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կարդայ գրութիւնը (արագ, դանդաղ, ձայնը բարձր, մեղմ եւայլն.)։
❖Աշակերտները, որոնք տարբեր լեզուներով կարդալու առիթ ունին, մնայուն կերպով կը հանդիպին կէտադրական նշաններուն․ հետեւաբար պէտք է ճանչնան հայերէնի կէտադրական նշաններն ու անոնց գործածութեան պատճառները։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖Ճանչնալ կէտադրական եւ առոգանութեան նշանները։
❖Բացատրել կէտադրական նշաններուն գործածութեան պատճառը։
❖Ճիշդ կէտադրական նշանները գործածել՝ իմաստալի գրութիւն մը ունենալու համար։
❖Աշխատանքներուն ընդմէջէն բացատրել կարեւորութիւնը կէտադրական նշաններուն օգտագործման։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։