Դասանիւթ․- Գիտութիւն
Նիւթ․- Անտառահատում՝ պատճառներ եւ հետեւանքներ
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Տօնիկեան Գույումճեան
Ե-Նամակ՝ lucy.kouyoumjian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Անտառները եւ ծառերը կը մատակարարեն մոլորակին թթուածինին (oxygen) մեծ տոկոսը եւ կը ներծծեն ածխաթթուն (carbon dioxide)։ Մարդկային բնակչութեան աճէ յառաջացած պահանջքները պատճառ կը դառնան անտառահատումի (deforestation) երեւոյթին եւ անտառածածկ տարածքներու ոչնչացումին։ Այս վերջինը, վնասակար ջերմանոցային կազերու(greenhouses gases) կուտակում կը պատճառէ, որուն անմիջական հետեւանքն է համատաքացումը (global warming)։ Ամէն տարի, Ամազոնի անտառէն 52 հազար քառակուսի քմ․ կը փճացուի։ Անտառահատումը ուրիշ վտանգներ ալ կը ներկայացնէ մոլորակին եւ միջավայրին առողջութեան ու բարեկեցութեան։
Պատանեկան տարիքը այս հարցերու իրազեկման յարմար շրջան է եւ այս դասին ընդմէջէն, պատանիները կը գիտակցին ծառերու եւ անտառներու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բարոյագիտական պարտաւորութիւն կը զգան թէ իրենք կրնան աշխատանք տանիլ մեղմացնելու անտառահատումի երեւոյթը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։
❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։