Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- «Կարմիր Ժամուց»
Տարիք․- 14-15 տարեկան
Պատրաստող Ուսուցիչ․- Ռիթա Գասապեան
Ե- նամակ` rita.kasabian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Վիպակը, իբրեւ ինքնուրոյն գրական տեսակ, գրական բազմաթիւ յատկանիշներ կը պարփակէ։
Զիրենք հետաքրքրող տարբեր նիւթերով ընթերցումներու կողքին, պատանի տարիքի աշակերտները կը սիրեն կարդալ նաեւ ազգային թեմաներ արծարծող վիպակներ եւ ծանօթանալ անոնց հերոսներուն։ Առածները, որոնք յաճախ կ՛օգտագործուին պատումի մէջ, կը գեղեցկացնեն կտորը եւ յետ ընթերցումի՝ առիթ կու տան աշակերտին յաւելեալ ծանօթացումով զանոնք գործածելու իրենց շարադրութիւններուն մէջ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Գտնել եւ վերլուծել վիպակի մէջ օգտագործուած առածները։
❖ Բաղդատական կատարել վիպակի գլխաւոր երկու կերպարներուն միջեւ՝ արտաբերելով անոնց տարբեր մօտեցումնեը ազգային հիմնախնդիրներու նկատմամբ։
❖ Առածներ գործածել գրաւոր արտայայտութեան մէջ։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։