Կայուն – Վերականգնուող Ուժանիւթ

Կայուն – Վերականգնուող Ուժանիւթ
5
(1)

Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Կայուն/ Վերականգնուող ուժանիւթ
Տարիք․- 13-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Տօնիկեան
Ե-նամակ.- lucy.kouyoumjian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
➢ Ուժանիւթն է, որ կ՛աշխատցնէ մեր շուրջ գտնուող բոլոր գործիքները․ անիկա «կը բանեցնէ» ամբողջ երկրագունդը։ Ուժանիւթի համաշխարհային մեծ պահանջն ու սպառումը մէկ կողմէն եւ անոր աղբիւրներուն նուազումը միւս կողմէն, պատճառ կը դառնան որ անիկա դառնայ հիմնական առանցքը աշխարհաքաղաքական մեծագոյն
տագնապներուն։ Տարուէ տարի աշխարհի բնակչութիւնը աւելի ուժանիւթ կը սպառէ։ Մեր մոլորակին ուժանիւթ մատակարարող պահեստները ինչպէս՝ կազը, հանքածուխը եւ քարիւղը սահմանափակ են եւ վերականգնելու համար երկար ժամանակի կը կարօտին։ Իսկ անոնց չափազանցուած գործածութիւնը ապականում կը պատճառէ։ Հետեւաբար,
պէտք է նուազեցնել սպառումը վերոնշեալ աղբիւրներուն եւ զանոնք փոխարինել կայուն կամ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներով (ջուր, արեւ, հով․․), որոնք աւելի վստահելի եւ մատչելի են եւ չեն ապականեր կենսոլորտը։
➢ Այս նիւթի արծարծումը կարեւոր է պատանի աշակերտներու համար, որպէսզի անոնք անդրադառնան, որ այս ուժանիւթերուն չափազանցուած սպառումը վտանգ կը սպառնայ երկրագունդին եւ անոր միջոցով՝ մարդկութեան գոյատեւումին։ Աշակերտներուն մօտ պէտք է ստեղծել զգաստութիւն եւ գիտակցութիւն, որպէսզի հաւատան թէ իրենք կրնան քարոզչական աշխատանքներով եւ իրենց ապրելակերպը փոխելով կանխարգիլել խեղճացած եւ ապականած մոլորակ մը կտակելը գալիք սերունդներուն։

Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել «վերականգնուող ուժանիւթ» յղացքը։
❖ Թուել ոչ կայուն կամ չվերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներ։
❖ Թուել կայուն կամ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներ։
❖ Բաղդատել երկու տեսակի ուժանիւթի աղբիւրները։
❖ Թուել կանաչ ուժանիւթի յատկանիշները։
❖ Դատել թէ ուժանիւթի ո՛ր տեսակի օգտագործումը նախընտրելի է։
❖ Գտնել տուեալ նիւթին բանալի բառերուն թարգմանութիւնը օտար լեզուով։
❖ Կիրարկել հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւններ փնտռելու հմտութիւնը։
❖ Բանաւոր, արդիւնաւէտ ձեւով արտայայտել իր տեսակէտը։


Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։