Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Իրապաշտ գրականութենէն առնուած հատուածի ընթերցում/վերլուծում «Մինչեւ Ե՞րբ»` Արփիար Արփիարեան
Տարիք․- 14-15 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե-նամակ.- talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Անհրաժեշտ է պատանի աշակերտին համար իմանալ,
❖ Որ ապրած ընկերութեան մէջ առկայ են ընկերային
այլազան հարցեր։
❖ Որ իրապաշտ գրականութիւնը հայելին է տուեալ
ժամանակի մը ընկերութեան եւ լուսարձակի տակ կ՚առնէ անոր
հարցերը։
❖ Աշակերտը առիթ կ՚ունենայ ճանչնալու տարբեր
ժամանակներէ իրապաշտ գրականութեան նմոյշներ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճիշդ պատասխանել հատուածին առնչուած հարցումներու։
❖ Գտնել հատուածին մէջ ներկայացուած հիմնական ընկերային հարցը։
❖ Կարդալ եւ դասընկերներուն ներկայացնել հայ գրականութենէն այլ հատուածներ, որոնք ընկերային հարցեր կ՚արծարծեն։
❖ Թուել ժամանակակից ընկերութեան ընկերային հարցեր։ (5 հարց)
❖ Ընտրել գտած հարցերէն մէկը, քննել եւ յարմար լուծում առաջարկել։
❖ Եզրակացնել, որ ընկերային հարցերը ամէն ժամանակի եւ ամէն ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունին։
❖ Զարգացնել արդիւնաւէտ խմբային աշխատանք տանելու հմտութիւնը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։