Դասանիւթ․- Հայերէն․- Լեզուի բանաւոր բաժնի (խօսիլ/մտիկ ընել) հմտութիւններու զարգացում
Նիւթ․- Մտիկ ընելու աշխատանքի ընդմէջէն, ծանօթացում երկու հայ հերոսներու (Մախլուտօ և Արաբօ), ինչպէս նաեւ հայկական տեղանուններու։
Տարիք․- 14-15 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ․- Ռիթա Գասապեան
Ե-նամակ.- rita.kasabian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Հայ ժողովուրդը՝ իր պատմութեան ընթացքին, ունեցած է խոնարհ հերոսներ, որոնք ներդրում ունեցած են մեր ազգային կեանքի մէջ․ այդ հերոսներէն ոմանք սակայն, շատ ծանօթ չեն մանաւանդ նոր սերունդին։ Հետեւաբար, կ՚արժէ զանոնք եւ անոնց
կատարած գործերը ծանօթացնել պատանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադաշտը նկատուող աշխարհագրական վայրեր եւ տեղանուններ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ներկայացնել Մախլուտօ և Արաբօ ֆետայիներն ու անոնց գործերը։
❖ Թուել եւ ներկայացնել ութ հայկական տեղանուններ։
❖ Զարգացնել բանաւոր արտայայտութեան մտիկ ընելու հմտութիւնը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ այս հարթակին։