Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Լեզուի բանաւոր մարզէն ներս՝ մտիկ ընելու հմտութիւն
Տարիք․- 14-15 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ․- Ռիթա Գասապեան
Ե- նամակ՝ rita kasabian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Լեզուի հմտութիւններէն մտիկ ընելը եւ անոր ընկերացող արձանագրութիւններ պահելու աշխատանքները կարեւոր են փոխանցուածը հասկնալու համար, ինչպէս նաեւ անոնք գրաւոր արտայայտութեան նախապատրաստական քայլեր են։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Մտիկ ըրած հատուածին կարեւոր կէտերը արձանագրել (to take notes)։
❖ Հատուածին նիւթին առնչուող կարեւոր բառամթերքը արտաբերել։
❖ Պատասխանել կարճ հարցումներու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ամբողջացնել ճշգրիտ տուեալներով։
❖ Գրել լաւ շարադրուած գրութիւն մը՝ երջանկութեան մասին։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։