Գրաւոր Արտայայտութիւն

Գրաւոր Արտայայտութիւն
0
(0)

Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Գրաւոր արտայայտութիւն
Տարիք․- 14-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե-նամակ.- talin.ordoghlian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
➢ Գրաւոր արտայայտութիւնը լեզուի մը տիրապետելու կարեւոր հմտութիւններէն մէկն է։
➢ Անհրաժեշտ է, որ պատանի աշակերտը սորվի գրելու տարբեր եղանակներ եւ ոճեր՝ ըստ նիւթի։
➢ Գործընթաց մը նկարագրելը կը նպաստէ աշակերտին միտքերը դասաւորելու եւ ծրագրուած ու կազմակերպուած աշխատելու։
➢ Պատանիներու առօրեայի աշխատանքներուն համար կարեւոր կը նկատուի հանգրուանային գործընթացի մը քայլերուն ծանօթանալն ու կիրարկելը։

Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Ճանչնալ եւ կիրարկել հանգրուանային բնոյթ ունեցող նիւթ մը գրելու հիմնական քայլերը։
➢ Ճշգրտօրէն օգտագործել գործընթացի նկարագրութեան անհրաժեշտ մակբայները (ապա, վերջապէս, հիմա, յետոյ, արդէն, կամաց-կամաց․․․)։
➢ Գրել որեւէ գործընթացի մասին։
➢ Իր եւ դասընկերոջ մը գրածին անհատական արժեւորումը կատարել։
➢ Արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները օգտագործել՝ նիւթը ներկայացնելու համար։
➢ Հայատառ գրելու եւ հայերէնով արտայայտուելու վարժութիւնը ձեռք ձգել։


Դասի ընթացք

Ա․- Ուսուցիչը աշակերտներուն կը փոխանցէ, թէ միասնաբար գրաւոր արտայատութեան աշխատանք պիտի տանին։

Բ․- Ուսուցիչը կը ցուցադրէ երկու գծանկարներ, որոնց իւրաքանչիւրին կեդրոնը կայ կարկանդակի մը նկարը (Յաւելուած1)։ Ան աշակերտներէն կը խնդրէ առաջին գծանկարին շրջանակներուն մէջ առաջարկել որեւէ բառ, որ կ՚առնչուի կեդրոնի նկարին, իսկ երկրորդին շրջանակներուն համար՝ առաջարկել բայեր/գործողութիւններ, որոնք կապ ունին կեդրոնի նկարին հետ։

Գ․- Բոլոր առաջարկները արձանագրելէ ետք, ուսուցիչը բառերու եւ բայերու ցանկ մը պատրաստած կ՚ըլլայ եւ կը ներկայացնէ աշակերտներուն՝ ամբողջացնելու համար նիւթին համար անհրաժեշտ, բայց ոչ անպայման աշակերտներուն կողմէ նշուած (Յաւելուած2)։

Դ․- Նկատի առած, որ նիւթը կարկանդակի պատրաստութեան մասին է, ուսուցիչը կը ցուցադրէ երեք սիւնակներով ցուցակ մը (Յաւելուած3) եւ աշակերտներէն կը պահանջէ, որ թիւ 2 յաւելուածին բառերը՝ հակիրճ նախադասութիւններու վերածելով, տեղադրեն յարմար սիւնակներուն մէջ։

Ե․- Յաջորդ քայլը կ՚ըլլայ աշակերտներուն ցրուել աշխատանքի թերթիկ մը, ուր աշակերտները կը կարդան պարբերութիւն մը, որուն բոլոր բառերը չեն գրուած։ Աշակերտները յաւելուածներուն մէջ տեսած բառերով պէտք է ամբողջացնեն պարապութիւնները (Յաւելուած4)։ Ուսուցիչը աշակերտներուն ուշադրութեան պէտք է յանձնէ, որ բայերը իրենց ճիշդ ժամանակին մէջ գործածեն։ Ամբողջացնելէ ետք աշխատանքը, ուսուցիչը կու տայ պատասխանները եւ կը ստուգէ եթէ բոլորը ճիշդ պատասխաններ ունեցած են։

Զ․- Ստուգելու համար, որ աշակերտները իւրացուցած են հանգրուանային աշխատանք մը գրաւոր արտայայտութեան վերածելու ընթացքը, ուսուցիչը կը ցուցադրէ կարկանդակի խոհագիր մը (Յաւելուած5) եւ աշակերտներէն կը պահանջէ երկու պարբերութեան մէջ գրել անոր պատրաստութեան եղանակը։ Ուսուցիչը կը շեշտէ, որ շատ կարեւոր է նիւթին քայլերուն յաջորդականութիւնը պահել։ Ուսուցիչը պատրաստած կ՚ըլլայ անհատական արժեւորման ցուցակ մը (Յաւելուած6), որպէսզի իւրաքանչիւր աշակերտ կատարէ իր գրածին արժեւորումը։ Նոյն ցուցակին վրայ կարելի է երկրորդ սիւնակ մըն ալ աւելցնել, որպէսզի այլ դասընկեր մըն ալ ընէ արժեւորում մը։ Այսպէս ամէն աշակերտ արժեւորած կ՚ըլլայ թէ՛ իր, թէ՛ դասընկերոջ մը գրածը։

Արժեւորում

Նիւթ․- Մտերիմ դասընկերոջդ ծննդեան տարեդարձը կը
մօտենայ եւ քանի մը ընկերներով կ՚ուզէք անոր անակնկալ տօնախմբում մը կազմակերպել։
Նուազագոյնը երեք պարբերութիւններու մէջ նկարագրէ այս աշխատանքը ծրագրելու եւ կիրարկելու քայլերդ։
Թելադրելի է, որ աշակերտները իրենց գրութիւնները հայատառ մեքենագրեն, եթէ վարժարանին մէջ կան յարմարութիւններ։ (Յաւելուած7)
Պատրաստել տեսերիզ մը, ուր աշակերտը պիտի ըլլայ«խոհարար» եւ ներկայացնէ կարկանդակի մը կամ այլ ուտեստեղէնի մը պատրաստութեան բոլոր հանգրուանները։

Յաւելուած 1


Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։