Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Բարդ նախադասութիւն
Տարիք․- 14-15 տարեկան
Նախապէս իւրացուցած գիտելիք․- Պարզ նախադասութիւն
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե-նամակ talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Այս դասը անհրաժեշտ կը նկատուի, որովհետեւ՝
• Աշակերտները պէտք է անդրադառնան բարդ
նախադասութիւններու գործածութեան անհրաժեշտութիւնը հայերէնով արտայատուելու։
• Անոնք ընդհանրապէս կը խուսափին բարդ
նախադասութիւններ գործածելէ, թէ՛ բանաւոր, թէ՛ գրաւոր արտայայտութիւններու մէջ եւ իրենց միտքերը արտայայտելու համար կը բաւարարուին պարզ եւ կարճ նախադասութիւններով։
Նպատակակէտեր․-
Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Զանազանել պարզ եւ բարդ նախադասութիւնները։
• Գիտնալ բարդ նախադասութեան մասերը իրարու
միացնելու ձեւերը (շաղկապ, յարաբերական դերանուն, կէտադրական նշան)
• Ճանչնալ բարդ նախադասութեան տեսակները
(համադասաական եւ ստորադասական)։
• Կազմել բարդ նախադասութիւններ։
• Բանաւոր ու գրաւոր արատայայտութեան մէջ գործածել բարդ նախադասութիւններ։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։