Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Բառագիտութիւն
Տարիք․- 14-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե- նամակ.- talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Աշակերտին բառապաշարի հարստացումը կարեւոր է, որպէսզի կարենայ որեւէ նիւթի մասին լաւապէս արտայայտուիլ՝ թէ՛ բանաւոր, թէ՛ գրաւոր։
Նոյն արմատը ունեցող, սակայն տարբեր իմաստներ ունեցող բառերու ծանօթանալն ու զանոնք գործածելը դրական արդիւնք կ՚ունենայ աշակերտներուն օգտագործած լեզուին դարձուածքներուն վրայ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ «բան» արմատ բառին տարբեր իմաստները։
• Բացատրել իմաստը «բան» արմատով կազմուած բառերու։
• «Բան» արմատով կազմուած բառեր գործածել
նախադասութիւններու մէջ։
• «Բան» արմատով կազմուած բառեր ճիշդ տեղերը գործածել։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։