Դասանիւթ․- Արհեստագիտութիւն
Նիւթ․- Առցանց Տեսախաղեր
Տարիք․- 14-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Յարութիւնեան
Ե-նամակ՝ lucy.artine@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Առցանց տեսախաղերու բնագաւառը լայն ժողովրդականութիւն վայելող եւ հետզհետէ աւելի զարգացող ու բարգաւաճող մարզ մըն է, որ կը կլանէ յատկապէս պատանիներն ու երիտասարդները։
Առցանց տեսախաղերը լոկ քմահաճոյք մը չեն ներկայացներ, այլեւ ապրելակերպի համազօր դարձած են շատերու համար` աշխարհի չորս ծագերուն։ Առցանց տեսախաղերու օգտագործումը ունի բազմաթիւ նպատակներ, որոնցմէ հիմնականներն են ժամանց (entertainment), գիտութիւն (knowledge) եւ ընկերային կապերու մշակում (socialization):
Այս դասին ընդմէջէն, աշակերտներուն առիթ կ’ընծայուի հետազօտելու առցանց տեսախաղերու բազմերես առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկելու անոնց ազդեցութիւնը իրենց առողջութեան վրայ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
1. Թուել առցանց տեսախաղերու առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները։
2. Քննարկել առցանց տեսախաղերու առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները։
3. Ճանչնալ այս նիւթի բանալի բառերուն հայերէն եզրերը։
4. Թուել օգտակար միջոցներ՝ առցանց տեսախաղերու բացասական ազդեցութիւնները նուազեցնելու համար։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։