Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- «Ֆետային եւ Հայրենի Բնութիւնը»
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Սեւան Դանիէլեան- Մկրեան
Ե-նամակ` sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Պատանեկան տարիքը, իբրեւ կազմաւորման հանգրուան, պատանիներուն մօտ յատուկ
հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ տարբեր տեսակի հերոսներու նկատմամբ․ հայ պատանիին համար հայ ֆետային կը դառնայ հետաքրքրական տիպար եւ ճանաչողական գիտելիքները իրեն համար կը դառնան օգտակար։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել «Ազատութիւն» բառը:
• Հասկնալ ֆետայական խումբերու կազմութեան պատճառներն ու նպատակը։
• Գտնել ֆետայական խումբերու ստեղծման եւ ազատութեան գաղափարին միջեւ կապը:
• Արծարծել մարդկային տառապանքներու եւ իրաւունքներու ոտնակոխման հանդէպ արդար մօտեցում ունենալու կարեւորութիւնը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։