Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Տաղաւար Տօներ
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ.- Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան
Ե-նամակ՝ sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Պատանեկան տարիքի աշակերտը հարկ է գիտնայ, որ հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքները զիրար կ’ամբողջացնեն: Հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Հայ եկեղեցւոյ տաղաւար տօներն ու աւանդութիւնները իբրեւ կարեւոր բաժին մը հաւաքական մեր կեանքին, պէտք է փոխանցել աշակերտներուն իրենց խորհուրդով եւ զիրենք բնորոշող տեղեկութիւններով: Աշակերտը պէտք է ըմբռնէ նաեւ, որ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքէն: Անոր համար ալ տաղաւար տօներն ու աւանդութիւնները ագուցուած են մեր ազգային կեանքին հետ: Անոնք դաստիարակութեան լաւագոյն միջոցներ են՝ իրենց ազգային խորհուրդով ու բովանդակութեամբ:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Գիտակցիլ, որ ծէսերու կատարման գլխաւոր նպատակներէն մէկը ազգային մշակութային արժէքներու պահպանումն է:
❖ Արժեւորել, որ տօներուն նպատակը միայն հանդիսութիւններ կազմակերպելը չէ։ Տօները ունին ե՛ւ ուսուցողական ե՛ւ դաստիարակչական նշանակութիւն։ Իւրաքանչիւր տօն ունի իր խորհուրդը, իմաստն ու նշանակութիւնը, պատգամը եւ աւանդութիւնը։
❖ Անդրադառնալ, որ անոնք անհատական-հաւաքական կեանքի մէջ որոշիչ դեր կը կատարեն եւ ժողովուրդ մը ամուր է իր արմատներով, լեզուով եւ մշակոյթով:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։