Դասանիւթ․- ԿՐՕՆ
Նիւթ․- Մեծ Խնճոյքին Առակը
Տարիք․- 12-15 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ․- Շողիկ Ուլաշեան
Ե-Նամակ՝ shoghig.oulashian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Կրօնի դասաւանդման նպատակներէն մէկը Աստուծոյ մարդասիրութեան յատկանիշները բացայայտել եւ աշակերտին ցոյց տալ է։ Այս դասին ընթացքին աշակերտը պիտի կարենայ առակին ճամբով հասկնալ Աստուծոյ հետ մտերմանալու իրեն տրուած առիթը, որ հաւասարապէս հասանելի է բոլորին։
Նպատակակէտեր․-
Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Քննարկել թէ ի՛նչ են Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելու պայմանները:
➢ Բաղդատել «կարեւոր» թուացող աշխարհիկ երեւոյթները Աստուածահաճոյ ապրելակերպին հետ եւ անդրադառնալ վերջինին առաջնահերթ բնոյթին:
➢ Հաստատել թէ Աւետարանին մէջ յիշուած հրաւէրը ամէն անհատի ուղղուած է եւ թէ անձը ունի անոր ընդառաջելու ազատ կամք։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։