Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Հերոս-Հերոսութիւն
Տարիք․- 13-14 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ.- Սրբուհի Սարգիս-Ճենանեան
Ե-նամակ.- serpoug.sarkia@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
➢ Պատանեկան տարիքին, հերոսները կը գրաւեն եւ կը հետաքրքրեն պատանիները, որոնց մտքերը պատրաստ կ՚ըլլան ընդունելու հերոսի եւ հերոսական արարքներու յղացքը։
➢ Իր ինքնութեան կազմաւորումէն մեկնելով՝ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովող ազգային հերոսներու ու անոնց հերոսութիւններուն ծանօթացումը կարեւոր կը նկատուի։
Նպատակակէտեր.-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ.-
➢ Սահմանել «հերոսութիւն» եզրը եւ հերոսը բնութագրող յատկանիշները։
➢ Ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութենէն ( չորս տարբեր Ժամանակաշրջաններէ) մէկական ազգային հերոս իր յատկանիշներով։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։