Դասանիւթ․- Կեանքի Հմտութիւններ
Նիւթ․- Տարբեր աղբիւրներէ Տեղեկութիւններու որոնում
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Մանուէլ Թոքմաքճեան
Ե-նամակ.- manuel.tokmakjian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
- Այս հմտութիւնը կարեւոր է ակադեմականուսումնական, կամ անձնական կեանքի եւ գործի մէջ։
- Նոր մտածելակերպեր յառաջ կը բերէ։
- Գիտելիքներու պաշարի ամբարումի կը նպաստէ։
- Շրջահայեաց կը դարձնէ։
- Կը զարգացնէ քննական մտածողութիւնը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
- Իր նախընտրած նիւթին կամ իրմէ պահանջուած ծրագրին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փնտռել ու գտնել:
- Ճշգրիտ եւ վաւերական տեղեկութիւնները ընտրել։
- Իր գտած տեղեկութիւններէն կարեւորագոյն կէտերը քննել եւ ընտրել։
- Նախագիծ (draft) եւ ուրուագիծ (outline) պատրաստել։
- Որոնումի արդիւնաւէտ ձեւերը ճանչնալ։
Դասի ընթացք
- 1. Ուսուցիչը այս հմտութիւնը կը ծանօթացնէ աշակերտներուն՝ անդրադառնալով
անոր կարեւորութեան, իբրեւ առաջին եւ հիմնական հանգրուանը ակադեմական որեւէ լուրջ հետազօտութեան: - Ուսուցիչը կը ցուցադրէ, թէ համացանցի վրայ ինչպէս որեւէ բանի որոնում կը
կատարուի՝ որոնելու ձեւ եւ բառերու գործածութիւն, ցանցերու ընտրութիւն եւ աղբիւրներու ստուգում: (Տե՛ս Որոնում.pptx) - Ուսուցիչը աշակերտներէն կը պահանջէ 3 փոքր որոնումներ կատարել համացանցէն: Օրինակ՝ հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը, Metaverse-ի նորութիւնը, երկիրներու 5G օգտագործումը:
- 4. Տեղեկութիւններու որոնումը կը ներկայացուի դասարանէն ներս եւ եթէ անհրաժեշտ է, ուսուցիչը տեղւոյն վրայ ուղղութիւններ կու տայ:
Արժեւորում․-
Այս աշխատանքը կարելի է արժեւորել հետեւեալ հարցաթերթիկներով․-
- Թիւ 1 Հարցաթերթիկ՝ Որոնելու ձեւը
- Թիւ 2 Հարցաթերթիկ՝ Ցանցերու Ընտրութիւն
Թիւ 1 Հարցաթերթիկ
Հասնելու համար սպասուած արդիւնքներուն, նախ պէտքէ գիտնալ ի՛նչ բառեր կը գործածուին որոնումին համար…
- Ուսուցիչը կը խնդրէ որոնում կատարել Էլոն Մասքի մասին։ Ի՞նչ պիտի գրես Google-ի որոնումի տուփիկին մէջ:
ա- Elon Musk
բ- Elon Musk biogaphy
գ- About Elon Musk
- Եթէ Էլոն Մասքի միայն կեանքին մասին պիտի որոնէիր, ի՞նչ պիտի գրէիր…
ա- Elon Musk
բ- Elon Musk biogaphy
գ- About Elon Musk
- Ուսուցիչը կը խնդրէ որոնում կատարել Մեթավըրս-ի մասին, որ Ֆէյսպուքի, ինսթակրամի եւ Ուաթսափի նոր «մայր» ընկերութեան անունն է: Ի՞նչ պիտի գրես:
ա- Metaverse
բ- Facebook Metaverse
գ- what is Metaverse?
- Եթէ պիտի որոնես 5-րդ սերունդի համացանցային օղահիւսքին մասին (5G Network), ի՞նչ պիտի գրես։
ա- 5G network
բ- what is 5G?
գ- 5G connectivity - Եթէ կ’ուզես գիտնալ տարին քանի անգամ լուսնի խաւարում կ՚արձանագրուի (lunar eclipse), ի՞նչ կը գրես…
ա- lunar eclipse period
բ- when does lunar eclipse happen?
գ- lunar eclipse frequency
- Եթէ պիտի խօսիս Լիբանանի հայ համայնքին մասին, ի՞նչ կը գրես։
ա- Lebanese Armenians
բ- Armenian diaspora of Lebanon
գ- Armenian community of Lebanon
- Եթէ կ’ուզես գիտնալ «Հայաւանդ» կայքէջին մասին, ի՞նչ կը գրես:
ա- Armenian lesson plans website
բ- Lesson plans in Armenian
գ- Armenian websites
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։