Ժայռի Վրայ Շինել Տունը

Ժայռի Վրայ Շինել Տունը
0
(0)

Դասանիւթ․- ԿՐՕՆ
Նիւթ․- Ժայռի Վրայ Շինել Տունը
Տարիք․- 13-14
Ուսուցիչ․- Շողիկ Ուլաշեան
Ե-նամակ.-shoghig.oulashian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
Պատանեկան տարիքը, իբրեւ վերացական մտածողութեան կազմաւորման սկիզբ, առիթ կը հանդիսանայ ընտրուած ապրելակերպի եւ ազատութեան յղացքներու գծով հետաքրքրութեան։
Կրօնի դասաւանդման ծիրէն ներս, սոյն դասը առիթ կ՚ընծայէ որ աշակերտները վերլուծեն Քրիստոսի սահմանած կեանքի ընթացքն ու ազատ կամքի կիրարկումը։

Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Գտնել տարբերութիւնը Յիսուսի խօսքերը լսողգործադրողին եւ միայն լսողին միջեւ:
• Նշել եւ բացատրել ազատութեան չափանիշերը:
• Վերլուծել, թէ քրիստոնավայել կեանքի մը համար ինչո՛ւ կարեւոր է ժայռի վրայ հաստատել «տան» հիմերը:

Դասի ընթացք

Ուսուցիչը դասը կը սկսի հետեւեալ հարցումները ուղղելով աշակերտներուն․-

Ա . Եթէ ձեր անձնական տունը կառուցելու ըլլաք՝ ինչպէ՞ս կը փափաքիք կառուցել զայն (վայրը, տարածութիւնը, ձեւը եւ այլ մանրամասնութիւններ):

Բ . Եթէ ձեր տան հիմերը ըլլային խախուտ եւ անապահով զգայիք ամէն անգամ երբ հովը փչէր կամ անձրեւէր, ի՞նչ կը մտածէիք ընել։

Գ․ Ուսուցիչը աշակերտներուն կը ցրուէ Աստուածաշունչէն առնուած հատուածը, որպէսզի միասնաբար ընթերցեն: Յաւելուած1

Ապա, բացատրութեան սկսելէ առաջ, ուսուցիչը աշակերտներուն կարծիքը կը հարցնէ թէ ի՛նչ հասկցան իրենց կարդացած հատուածէն: Երբ Յիսուս տուն շինելու մասին կը խօսէր, ո՞ր տան մասին էր անոր ակնարկութիւնը: Աշակերտները իրենց կարծիքը արտայայտելէ ետք, ուսուցիչ կը սկսի բնագիրի բացատրութեան:

Ա. մաս

* Յիսուսի ակնարկած տունը քարով եւ շաղախով կառուցուած տան մը մասին չէ, այլ՝ մեր իսկ ապրած կեանքին եւ մեր ապրելակերպին մասին է. մեր կեանքի ամբողջ տեւողութիւնն է… բայց մենք առանձին չենք այդ տան շինութեան ընթացքին, այլ՝ ունինք մեր Տէրը, որուն ոսուցումներուն հետեւողութեամբ կը կառուցենք մեր տունը:

Ա. Աշակերտներուն հարցնել․- Ուրեմն ինչպէ՞ս շինել այդ տունը:

* Յիսուս ասոր պատասխանը (Մտ 7.24) կու տայ ըսելով, որ ժայռի վրայ շինենք մեր տունը․ միայն այդ ձեւով է որ տունը հաստատ կը մնայ երբ դժուարութիւններ, յուսախաբութիւններ եւ այլ տեսակի կեանքի հարուածներ պատահին: Այսպիսով, եթէ մեր յոյսը, հաւատքը եւ վստահութիւնը Յիսուսի վրայ հաստատած ենք, որեւէ տեսակի փոթորիկ կամ ծանր հարուած մեզ չի կրնար կործանել… մեր այդ ընտրած ճամբան դժուար է եւ դուռը նեղ ու քիչեր միայն կը գտնեն զայն: (Մտ 7.13):

Բ. Դարձեալ հարցում:
– Ըստ ձեզի՝ ժայռի վրայ տուն շինելու այդ ընտրութիւնը ինչո՞ւ համար իմաստութիւն էր․ մեր որոշումները որքանո՞վ կ’ազդեն մեր ընտրութիւններուն եւ մանաւանդ անոնց հետեւանքներուն վրայ:

*Ինչպէս որ տուն մը քար քարի վրայ դնելով կը կառուցուի, այնպէս ալ մեր կեանքի ընթացքին մեր ընտրութիւնները, առած որոշումները, կարեւոր եւ անկարեւոր կարծուած գործերը եւ մտածումները, իրարու քով գալով կ’ամբողջացնեն «մեր տան» պատկերը: Յիսուս ըսաւ.« Ծառը իր պտուղէն յայտնի կ’ըլլայ, բարի ծառը բարի պտուղ կու տայ…» նոյնպէս՝ մարդու գործերէն եւ անոնց արդիւնքէն յայտնի կ’ըլլայ իր հաւատքի զօրութիւնը: Կարեւորը այն է, որ միշտ որոնենք Աստուծոյ կամքը եւ այդպէս ապրինք, որովհետեւ զօրաւոր եւ հաստատուն հաւատքի դիմաց, որքան ալ հովերը փչեն եւ զարնուին մեր «տան», այդ տունը չի կործանիր, որովհետեւ հիմերը հաստատուած են Տիրոջ վրայ:

Բ.Մաս

Աւազի վրայ շինել տունը: Այլ խօսքով ՝ Յիսուսի խօսքերը լսել, բայց չգործադրել զանոնք: Ընտրել այն ճամբան, որուն դուռը լայն է, ճամբան ընդարձակ եւ շատեր կը մտնեն անկէ: (Մտ 7.13):

Ուսուցիչը բացատրութիւնը շարունակելէ առաջ դարձեալ աշակերտներուն առիթ կու տայ, որպէսզի հետեւեալ հարցումներուն գծով իրենց պատկերացումները արտայայտեն:

– Ըստ ձեզի ի՞նչ ըսել է ազատութիւն: Մենք ազա՞տ ենք, մեր ուզածը կ’ընե՞նք:
– Եթէ մեզմէ ամէն մէկը իր փափաքածները կամ երեւակայածները (ըլլան անոնք տրամաբանական կամ՝ կատարելապէս սանձարձակ) իրագործել ուզէ՝ առանց անոնց հետեւանքներուն մասին մտածելու, ի՞նչ կրնայ պատահիլ:

Ա. Աշակերտները իրենց կարծիքը արտայայտելէ ետք, ուսուցիչը բացատրութեան կը սկսի:

* Երբ կ’ըսենք մենք ազատ ենք․-
Բոլորս ալ կ’ընդունինք որ մարդ ազատ կամք ունի, սակայն այդ ազատութեան ղեկը մարդուս ձեռքը պէտք է ըլլայ. քաջութիւնը պէտք է ունենայ ճիշդը ընտրելու կամ բարին գործելու: Մեր իւրաքանչիւր ընտրութիւնը, զոր կ’ընենք մեր կեանքի ընթացքին, ունի իր լաւ կամ վատ հետեւանքը։ Երբ գիտնալով, կամ տեսնելով մեր սխալ ընթացքը՝ կը շարունակենք զայն, որովհետեւ կը ձգտինք հեշտ եւ հաճոյապաշտ կեանքի մը, մեր կեանքը կը պարպենք իրական արժէքներէ եւ Քրիստոսի ուսուցումներէն։
Օրինակ, ո՞վ չի փափաքիր հարստանալ․ սակայն երբ դրամը կեանքի գերագոյն նպատակ կը դառնայ եւ մարդ անհատը ամէն միջոցի կը դիմէ հարստութեան տիրանալու համար, ան կը դառնայ նիւթապաշտ եւ անոր կեանքի հիմերը՝ խախուտ։

– Աւազի վրայ տուն շինելը դիւրի՞ն է, թէ՞ կարծր ժայռը փորելով անոր վրայ տան հիմերը հաստատելը։ Ինչո՞ւ։

Բ. Աշակերտներուն կարծիքը լսելէ ետք, ուսուցիչը կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը․-

* Մեր կեանքին մէջ այլազան տեսակի դժուարութիւններ կրնան պատահիլ՝ հիւանդութիւն, յուսախաբութիւն եւ տարբեր տեսակի մարտահրաւէներ, որոնք մեզ երբեմն ժամանակաւոր ձեւով կրնան տկարացնել կամ յուսահատեցնել․ բայց կան նաեւ այլ տեսակի փորձութիւններ, որոնց մեր ազատ կամքով առիթ կու տանք մուտք գործելու մեր կեանքէն ներս, ինչպէս օրինակ կարգ մը ցանկութիւններ, մոլութիւններ․- նիւթապաշտութիւն, փառամոլութիւն, մակերեսային մօտեցում եւայլն։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտքէ ինք ըլլայ իր կենաքը ղեկավարողը եւ առիթ չտայ, որ փորձութիւնները առաջնորդեն իր կենաքը:

*Փորձութիւններու մէջ, եթէ Տիրոջ ապաւինած ու անոր խօսքերուն համաձայն կեանք մը ընտրած չենք, պիտի նմանինք այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ եւ երբ անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, տունը կը կործանի, եւ ի՜նչ ահաւոր կ’ըլլայ այդ տան կործանումը: (Մտ 7․ 27)

Գ.մաս

Այս դասին, կամ հատուածին ընդմէջէն Յիսուս լռելեայն խոստում մը կու տայ ամէն մարդու, որ իր խօսքերը լսելէ ետք զանոնք կը գործադրէ: Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի » գրութեան հետեւեալ տողերը շատ գեղեցիկ ձեւով այդ խոստումը կը պատկերացնեն:
«Մեր հաւատքով Քեզի եկանք ու լսեցինք կեանքի խօսքդ.
Շնորհէ, որ շինենք մեր տուն վէմիդ վրայ անշարժելի
Որպէսզի երբ փչէ չարը ու բարձրանայ փորձութիւնը,
Տանս հիմքերն թող չշարժին աւազակերտ յիմարին պէս»։

Արժեւորում

Այս դասի արժեւորումը պիտի կատարուի․-
• Յաւելուած 1ի երկու հատուածներուն միջեւ զուգահեռներ գծելով եւ հիմնական միտքերը եզրակացնելով: Յաւելուած2
• Յարմար ածականներ գտնելու աշխատանքով։Յաւելուած3

 

Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։