Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Երգիծաբանութիւն
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե- նամակ՝ talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
12-15 տարեկան պատանի աշակերտները դպրոցական տարիներուն կը հանդիպին գրական այլազան սեռերու, որոնց շարքին է երգիծաբանութիւնը, զոր հաճոյքով կը կարդան եւ կ՚առնչեն իրենց առօրեային։
Հետեւաբար, նպատակայարմար կը նկատուի այս նիւթին ծանօթացումը աշակերտներուն, զայն առնչակից դարձնելը իրենց առօրեային եւ ծիծաղի ճամբով կարգ մը երեւոյթներու սրբագրութեան փորձ կատարելը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել երգիծաբանութիւնը։
❖ Գիտնալ երգիծաբանին յատկանիշները։
❖ Ճանչնալ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ երգիծաբաններ (Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան եւ Նշան Պէշիկթաշլեան)։
❖ Բաղդատական մը կատարել անոնց գործերուն միջեւ։
❖ Առօրեայ կեանքէն երգիծաբանական պատկեր մը ստեղծագործել։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։