Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Դրական Հաղորդակցութիւն
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թամար Ստեփանեան
Ե- նամակ՝ tamar.sdepanian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Դրական յարաբերութիւններ մշակելու եւ աղուոր խօսքեր արտայայտելու հմտութիւններու կազմաւորումը կարեւոր է եւ զայն լուսարձակի տակ առնելը կ՛օգնէ պատանիներուն գիտակից ըլլալ իրենց արարքներուն եւ արտայայտութիւններուն։ Անիկա նաեւ կը սորվեցնէ փափկանկատ եւ լայնախոհ ըլլալ ուրիշներուն հանդէպ, մանաւանդ՝ ինքնաճանաչումի ու ինքնասրբագրութեան կը մղէ զանոնք։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել շինիչ եւ վիրաւորական խօսքերու տարբերութիւնը։
❖ Բացատրել վիրաւորական խօսքերուն յուզական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը անհատներուն վրայ։
❖ Թուել վիրաւորական խօսքերու կանխարգիլման եւ անոնց դէմ պայքարելու ձեւեր։
❖ Կիրարկել վարուելակերպային եւ արտայայտութիւններու փափկանկատ եւ ուշադիր ընթացք՝ դրական եւ կարեկից միջավայր մը ստեղծելու միտումով։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։