Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Գրաւոր արտայատութիւն՝ Իրողութիւն/Կարծիք
Տարիք․- 13-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե- նամակ՝ talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Կեանքի մէջ ամէն մարդ կրնայ իր կարծիքը ունենալ որեւէ նիւթի կամ հարցի մասին։ Երբեմն սակայն այդ անձնական տեսակէտները կը ներկայացուին իբրեւ հաստատ ու անժխտելի իրողութիւններ։ Կարեւոր է ուրեմն, որ աշակերտներ հասկնան, թէ կարծիքները անպայման իրողութիւններ չեն եւ թէ անոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։
Պատանիին կազմաւորման մէջ կարեւոր է, որ ան տարբերէ եւ զանազանէ կարծիքները իրողութիւններէն, որովհետեւ իր առօրեայ պրպտումներուն ընթացքին, ան յաճախ կը հանդիպի իբրեւ իրողութիւն ներկայացուած այլազան տեղեկութիւններու, որոնք անպայմանօրէն փաստարկուած իրականութիւններ չեն։ Հետեւաբար, կարծիքը իրողութենէն զատորոշելով՝ պատանին քննական մօտեցում կ՚ունենայ հարցերուն։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել իրողութիւն եւ կարծիք/տեսակէտ յղացքները։
❖ Զատորոշել վերեւ նշուած երկու յղացքները։
❖ Հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւններ քաղել։
❖ Քննական մօտեցում ցուցաբերել որեւէ տեղեկութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի։
❖ Կարծիք արտայայտող գրութիւն մը շարադրել։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։