Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Գիտաերեւակայական գրական սեռի ծանօթացում
Տարիք․- 13-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թալին Օրտողլեան
Ե-նամակ.- talin.ordoghlian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Գիտաերեւակայական սեռը կը հետաքրքրէ պատանիները, որոնց համար ինչ որ տակաւին չէ բացայայտուած գրաւիչ է ու հետաքրքրական։
Պատանի տարիքի աշակերտները տարբեր լեզուներով կը կարդան գիտաերեւակայական գիրքեր ու կը դիտեն ժապաւէններ․ հետեւաբար, կ՚արժէ որ անոնք հայերէնով ալ ծանօթանան այդ սեռին եւ իւրացնեն անոր բառամթերքը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել «գիտաերեւակայական գրականութիւն» յղացքը։
❖ Ծանօթանալ արդի գիտաերեւակայական գրականութեան «հայր»երուն (Ժիւլ Վեռն, Հըրպըրթ Ուէլզ)։
❖ Զանազանել գիտականը երեւակայականէն։
❖ Կարենալ բացատրել, թէ ապագային, գիտական նոր նուաճումները ինչպիսի՛ ազդեցութիւն պիտի ունենան մարդկութեան վրայ։
❖ Հայերէն բառամթերքով արտայայտուիլ գիտաերեւակայական նիւթի մը մասին։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ այս հարթակին։