«Աղուէսին Քիթը»

0
(0)

Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- «Աղուէսին Քիթը» / Հեղինակ՝ Նշան Պէշիկթաշլեան / Առակ
Տարիք․- 13-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թամար Ստեփանեան
Ե-նամակ.- tamar.sdepanian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
Պատանիին առիթ ընծայել՝ մտածելու մարդկային յարաբերութիւններու մասին եւ իր առօրեային մէջ անոնց կարեւորութեան։ Գիտակցելու՝ որ մեր ընկերութեան մէջ կը հանդիպինք տարբեր տիպի եւ նկարագրի մարդոց, որոնցմէ ոմանք կրնան ըլլալ թափանցիկ իրենց յարաբերութիւններուն եւ կարծիքներուն մէջ, ոմանք՝ նենգամիտ ու շողոքորթ, ուրիշներ՝ խորամանկ ու դիւանագէտ․ կան նաեւ՝ բռնակալներ եւ իշխողներ։
Ուստի հիմնական բան է իմաստուն ըլլալն ու ճանչնալը մեր շուրջինները եւ ըստ այնմ վարուիլ իւրաքանչիւրին հետ։

Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ տուեալ անասուններն ու անոնց անունները։
❖ Գտնել այս առակին հերոսները եւ անոնց ներկայացուցած մարդկային տիպարը։
❖ Արժեւորել իւրաքանչիւր տիպարի յատկանիշները։
❖ Առակին մէջ նշուած կացութեան առնչուած այլ ելքի մը մասին մտածել եւ նոր աւարտ մը առաջարկել անոր։
❖ Գրուած լաւագոյն տարբերակները թատերախաղի վերածել (աշակերտները իրենք պիտի ըլլան դերակատարները)

Դասի ընթացք

  1. Ուսուցիչը աշակերտները պիտի մղէ մտածելու հետեւեալ հարցումներուն մասին․-
    • Որքանո՞վ  ճիշդ   եւ    որքանո՞վ    սխալ    կը   տեսնես   կեանքի    մէջ     անկեղծ   ըլլալը եւ իրականութիւնները բացայայտօրէն ըսելը։
    • Արդեօ՞ք շինիչ է ճշմարտութիւնները երբեմն քօղարկուած ձեւով ըսելը։
    • Իրականութիւն   մը   ամբողջութեամբ, ինչպէս   որ է  ըսելը,   կրնա՞յ   անձը  հարցերու   դէմ յանդիման դնել։
    • Եթէ ճշմարտութիւն մը յայտնելը քեզ փորձանքի պիտի մատնէ՝ ի՞նչ կ՛ընես, ի՞նչ կ՛ըսես․․․
  2. Առակի ընթերցում, գիտելիքներու ստուգում եւ կարծիքներու փոխանակում

Ուսուցիչը նախ կը բացատրէ թէ ի՛նչ է առակը (տե՛ս Յաւելուած1)։ Ապա, Աղուէսին Քիթը.pptx-ի միջոցաւ ցոյց կու տայ առակը եւ կը խնդրէ աշակերտներէն, որ առանձին կարդան ու փորձեն հասկնալ այդ առակին բարոյախօսութիւնը, որմէ ետք ի՛նք կը կարդայ զայն աշակերտներուն, ապա  կ՛ուղղէ հետեւեալ հարցումները՝ առիթ  տալով զրոյցի մը եւ կարծիքներու փոխանակումի.

Ա) Այս առակին մէջ յիշուած անասունները ծանօ՞թ են ձեզի։
Բ) Կրնա՞ք նկարին վրայ ցոյց տալ իւրաքանչիւրը:
Գ) Հեղինակը քանի՞ խումբի կը բաժնէ զանոնք: Ի՞նչ ածականներով կ՛որակէ  իւրաքանչիւր խումբ: Ինչո՞ւ:
Դ) Որո՞նք են այս առակին գլխաւոր եւ երկրորդական հերոսները ։
Ե) Մարդկային ինչպիսի՞ տիպար կը ներկայացնէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ (Պատասխանները կարելի է գտնել ppt.ին մէջ)


Արժեւորում․-

Հարցաթերթիկ 1
Ուսուցիչը կը բաժնէ հարցաթերթիկ մը, որուն հարցումներուն պատասխանելով՝ աշակերտը ինքզինք պիտի պատկերացնէ իբրեւ առակին մէկ հերոսը եւ ըսէ, թէ ի՛նք ինչ կ՛ընէր, եթէ նման կացութեան մը մէջ գտնուէր։ Տե՛ս հարցաթերթիկ 1

Հարցաթերթիկ 2
Աշակերտը «Աղուէսին Քիթը» առակին նոր տարբերակ մը պիտի գրէ, անոր տալով այլ ձեւի աւարտ մը։ (Այս աշխատանքը անհատական կամ խմբային կրնայ կատարուիլ) Տես՝ հարցաթերթիկ 2 Գրուած տարբերակները պիտի գնահատուին ու արժեւորուին
ուսուցիչին ու աշակերտներուն կողմէ միասնաբար։ (Ուսուցիչը կ՛ընէ հարկ եղած շարադասական ու լեզուական սրբագրութիւնները։) Լաւագոյնը (լաւագոյնները) կը վերածուի թատերախաղի մը, որուն դերակատարները կ՛ըլլան աշակերտները՝ իրե՛նք։


Յաւելուած 1

Ի՞նչ է Առակը
 – Առակը գրական կարճ ստեղծագործութիւն մըն է՝ արձակ կամ ոտանաւոր, որուն հերոսները, առհասարակ, անասունները կ՛ըլլան, որոնք այլաբանօրէն կը ներկայացնեն տարբեր տիպի մարդիկ։  Առակ գրողը առակագիր կը կոչուի։
 – Առակին նպատակն է քննադատել մարդոց վատ գործերն ու սովորութիւնները, նկարագրի ժխտական գիծերը եւ բարի օրինակներով սորրվեցնել բարին, ճիշդը․․․
 – Իւրաքանչիւր առակ ուրեմն կու տայ դաս մը կամ խրատ մը, որ կը կոչուի առակին բարոյախօսութիւնը։


Յաւելուած 2


Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։