Դասանիւթ․- Գիտութիւն
Նիւթ․- Քարայրներու Հետաքրքրական Աշխարհը
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ․- Մարիա Կիրակոսեան
Ե-նամակ` maria.guiragossian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Քարայրները կը ներկայացնեն հետաքրքրական աշխարհ մը, որուն խորհրդաւորութիւնը կը գրաւէ պատանիները եւ կը հրահրէ արկածախնդրութեան հանդէպ անոնց սէրը։
Այս նիւթը առիթ կու տայ նաեւ, որ պատանիները հարստացնեն նիւթին առնչուող գիտական բառապաշարը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ՝
❖ Տեսերիզի մը հետեւողութեամբ՝ բանաւոր եւ գրաւոր ձեւերով բացատրել քարայրներու ստեղծման պայմանները։
❖ Ստուգաբանել շթաքար եւ պտկաքար բառերը եւ սահմանել անոնց իմաստը։
❖ Զանազանել շթաքարը եւ պտկաքարը։
❖ Նկարագրել անձրեւի ջուրին և օգտակար հանածոներու դերը շթաքարերու ստեղծման մէջ։
❖ Նկարագրել շթաքարերու կարեւորութիւնը քարայրներու ստեղծման մէջ։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։