Դասանիւթ․- Նկարագրի Կազմաւորում
Նիւթ․- Ներառական Կրթութիւն
Տարիք․– 12-14 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ.- Բալիկ Խտրլարեան
Ե-նամակ՝ palig.khederlarian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան համակարգի մը անհրաժեշտութիւնը դպրոցներու (ներառական կրթութիւն) եւ այլ կառոյցներու մէջ (արտադպրոցական յատուկ կրթութիւն), առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ 21րդ դարու կրթութեան ոլորտին մէջ:
Հետեւաբար.-
Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պարագան պէտք է ծանօթացնել պատանիներուն եւ զիրենք մղել ու քաջալերել ընդունելու, յարգելու եւ ներառելու զանոնք, որովհետեւ որպէս անհատներ, անոնք լիարժէք իրաւունք ունին իրենց ներդրումը եւ դերակատարութիւնը ունենալու ընկերութեան մէջ:
Նպատակակէտեր.-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել «Ներառական Կրթութիւն» յղացքը:
❖ Եզրակացնել, որ յատուկ կարիքներ ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է յարգանքի, սիրոյ եւ գուրգուրանքի:
❖ Եզրակացնել, որ յատուկ կարիքներ ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ մաս կը կազմէ մեր ընկերութեան եւ իր ներդրումը կ՚ունենայ հաւաքական կեանքին մէջ:
❖ Ծրագրել եւ իրականցնել քայլեր, որոնք առնչուած են յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։