Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Մտիկ ընելու աշխատանք / «Բարձրացում» Վ․ Թէքէեան
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ․- Թամար Ստեփանեան
Ե- նամակ tamar.sdepanian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան կարեւոր գործօններէն մէկը լաւ մտիկ ընելն է։ Մտիկ ընելու հմտութիւնը կարեւոր է առողջ միջավայր մը ստեղծելու համար, հասկնալու եւ հասկցուելու համար։ Մտիկ ընելու աշխատանքները, որոնք կը կատարուին դասարանին մէջ, կ՛օգնեն աշակերտներուն կեդրոնացումին, քննական մտածողութեան, հարցումներ ուղղելու հմտութեան, իրենց անձնական տեսակէտներու արտայայտութեան եւ միեւնոյն ժամանակ՝ ուրիշներու տեսակէտները յարգելու պատրաստակամութեան։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Կեդրոնացած հետեւիլ ձայնագրութեան։
❖ Վերյիշել ու արտագրել ձայնագրութեան մէջ լսած ու զինք տպաւորած բառերն ու արտայայտութիւնները։
❖ Ամփոփել իր լսածը։
❖ Գրութեամբ մը տալ իր տեսակէտը տուեալ նիւթին շուրջ։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։