Մանուկներու Իրաւունքները

manougnerou-iravounkner
0
(0)

Դասանիւթ․- Նկարագրի Կազմաւորում
Նիւթ․- Մանուկներու Իրաւունքները
Տարիք․- 12-13 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ.- Բալիկ Խտրլարեան
Ե-նամակ: palig.khederlarian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
Մանուկներու իրաւունքները առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ վաւերացուած Մարդկային Իրաւունքներու համաձայնագրին յօդուածներուն մէջ:
Մանուկը՝ որպէս անհատ, մաս կը կազմէ ընկերային հաւաքականութեան եւ անխտիր կը վայելէ մարդկային բոլոր իրաւունքները:
Հետեւաբար, մանուկներու իրաւունքները պէտք է ծանօթացնել պատանիներուն եւ զանոնք մղել ու քաջալերել, որ ամէն տարի նշեն Մանուկներու Միջազգային Օրը եւ շեշտեն անոր
կարեւորութիւնը:

Նպատակակէտեր.-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի իրաւունքներ:
❖ Արժեւորել մանուկներու իրաւունքներու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
❖ Թուել եւ բացատրել հիմնական տասը իրաւունքներ:
❖ Մշակել եւ ծրագրել քայլեր՝ առնչուած մանուկներու իրաւունքներու կիրարկումին:

Դասի ընթացք

1.    Առաջին   հերթին,    ուսուցիչը    գրատախտակին    վրայ    կը գրէ  դասին վերնագիրը՝
«Մանուկներու Իրաւունքները», կը ծանօթացնէ աշակերտներուն օրուան նիւթը եւ կ՛անդրադառնայ անոր կարեւորութեան իւրաքանչիւր մանուկի կեաքին մէջ, որպէսզի ան կարենայ ապրիլ երջանիկ, առողջ եւ ապահով մանկութիւն:  

  Ապա,     ուսուցիչը     կը  մղէ     աշակերտները     անհատապէս    անդրադառնալու եւ
մտածելու հետեւեալ հարցումներուն մասին.-

  • «Ի՞նչ իրաւունքներ պէտք է ունենան մանուկները»։
  • «Ի՞նչ են քու իրաւունքներդ»:

Իւրաքանչիւր    աշակերտ   իր   քովը   նստող    դասընկերոջ   հետ    կը  կիսէ   եւ    կը
փոխանակէ գաղափարներ, որմէ ետք, աշակերտներէն մէկը դասընկերներուն կը ներկայացնէ խմբային աշխատանքին արդիւնքը:

 Ուսուցիչը     կը ցուցադրէ     բոլոր     պատասխանները    եւ    աշակերտները   կ՛ուղղէ
երկխօսութիւն ստեղծելու իրարու միջեւ․ օրինակ՝ հարցնելով նմանօրինակ հարցումներ.- «Ո՞վ այլ գաղափար ունի», «Ի՞նչը քեզ մղեց այդպէս մտածելու»…:

   Երբ    բոլոր   աշակերտները   հնարաւորութիւն    կ՚ունենան    խօսելու   եւ    կարծիք
արտայայտելու, ուսուցիչը կը հարցնէ հետեւեալ հարցումները.-

  • Ինչո՞ւ գոյութիւն ունին մանուկներու յատուկ իրաւունքներ:
  • Արդեօ՞ք կարեւոր է այս մէկը․ ինչո՞ւ:

   Այս նախապատրաստական վարժութեան ընդմէջէն, ուսուցիչը  լուսարձակի տակ կ՛առնէ օրուան նիւթը եւ անոր կարեւորութիւնը:
     Ան    մասնաւորապէս   կը  կարեւորէ  մարդկային   իրաւունքներու   գոյութիւնը   եւ
անհրաժեշտութիւնը իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ, որովհետեւ անոր հիման վրայ իւրաքանչիւր անհատ դրական վերաբերմունքի եւ գնահատանքի արժանանալով, իր ողջ ներուժը, կարելիութիւնները եւ դրական յատկանիշները ի սպաս կը դնէ ընկերութեան յառաջդիմութեան եւ բարելաւման:

1.    Զրոյց եւ քննարկում Մանուկներու Իրաւունքներու Միջազգային Համաձայնագիրին մասին
    Ուսուցիչը   կը     փոխանցէ     կարգ     մը     կէտեր     Մանուկներու   Իրաւունքներու
Միջազգային Համաձայնագիրին վերաբերեալ: (Յաւելուած 1)

    Ապա,   ուսուցիչը   աշակերտներուն   կը  բաժնէ   հարցարաններ, եւ    իւրաքանչիւր
աշակերտ իր քովը նստող դասընկերոջ հետ կ՚ընտրէ հաւանական պատասխաններէն մէկը:
(Յաւելուած 2)

2.    Առաջին խմբային աշխատանք
     Այս    աշխատանքին    համար,    ուսուցիչը     պիտի     օգտագործէ     Մանուկներու
Իրաւունքներու Միջազգային Համաձայնագրին 36 յօդուածները: (Յաւելուած 3)

Խմբային աշխատանքի Ա. տարբերակ
     Առաջին   հերթին,   ուսուցիչը     իւրաքանչիւր   աշակերտի   կու  տայ  1   քարտ: Ան
աշակերտներուն կը յանձնարարէ ոտքի կանգնիլ եւ դասարանին մէջ շրջիլ՝ միւս աշակերտներուն հետ զրուցելով քարտերու բովանդակութեան մասին: Այս մէկը ընելով, աշակերտները իրարու պիտի բացատրեն եւ նկարագրեն քարտերու բովանդակութիւնը: Եթէ 2 աշակերտներ նմանութիւններ գտնեն իրենց քարտերուն միջեւ, պիտի կազմեն միաւորման խումբ մը: Խումբը կրնայ ընդլայնիլ եւ նոր աշակետներ ներառել:
     Աշխատանքի     ընթացքին,    աշակերտները    կրնան    փոխել    իրենց    խումբերը,
հիմնուելով իրենց անձնական մօտեցումին եւ կարծիքներուն վրայ: Ուրիշներ առիթը կ՛ունենան իրենց մտածելակերպը փոխելու համաձայնագրի խումբերուն վերաբերեալ:
     Խումբերու կազմութենէն ետք, ուսուցիչը կը մղէ աշակերտները անուանելու  իրենց
խումբերը, օրինակ՝ «առողջութիւն» (յօդուած 24), «կրթութիւն» (յօդուած 28), «ազատ խօսքի արտայայտութիւն» (յօդուած 13), «քաղաքացիական իրաւունքներ» (յօդուած 7), «ընտանեկան միջավայր» (յօդուած 9), «զբօսանք, զբաղում եւ մշակութային ձեռնարկներ» (յօդուած 31), «պաշտպանութիւն խոշտանգումէ եւ չարաշահումէ» (յօդուած 19): Որմէ ետք, իւրաքանչիւր խումբէ մէկ աշակերտ կը ներկայացնէ խումբին անունը՝ ամփոփելով յօդուածները, որոնք կը պատկանին այդ բաժնին: Այս միջոցին, կարգ մը աշակերտներ նկարները կը տեղադրեն մեծ ճերմակ թուղթի մը վրայ, իրենց յարմար խմբաւորումներուն մէջ:

Խմբային աշխատանքի Բ. տարբերակ

Նոյն  աշխատանքը  կարելի է  կատարել  երկրորդ  տարբերակով  մը: Ուսուցիչը կը
կազմէ 4էն 6 աշակերտներէ բաղկացած խումբեր: Իւրաքանչիւր խումբի աշակերտներուն կը բաժնէ ճերմակ մեծ թուղթ, մկրատ, մատիտ, խէժ եւ նոյն խմբաւորման քարտերը:
Այս աշխատանքի   ընթացքին,   աշակերտները    նմանօրինակ   քարտերը   պիտի
հաւաքեն, փակցնեն թուղթին վրայ, նշելով անշուշտ իւրաքանչիւր բաժնի անուանումը: Որմէ ետք, թուղթերը պիտի փակցնեն դասարանին մէջ եւ մերթ ընդ մերթ, բոլոր աշակերտները պիտի շրջին եւ տեսնեն միւս խումբերուն աշխատանքը:

Խմբային աշխատանքի Գ. տարբերակ

Նոյն  աշխատանքը  կարելի է  կատարել   երրորդ  տարբերակով  մը: Ուսուցիչը  կը
բացատրէ որ Մանուկներու Իրաւունքներու Համաձայնագրի յօդուածները խմբաւորուած են ըստ գոյատեւման, աճման, ապահովութեան, ազատ խօսքի արտայայտութեան իրաւունքներու խումբերով: Աշակերտներուն հետ արծարծել այս 4 խումբերու տարբերութիւնները: Որմէ ետք, խումբերուն բաժնել խմբաւորման քարտերը եւ ուղղել աշակերտները զանոնք զետեղելու իւրաքանչիւր բաժնի սիւնակին մէջ:

3.    Երկրորդ խմբային աշխատանք
    Ուսուցիչը կը կազմէ 4էն 6 աշակերտներէ բաղկացած խումբեր եւ ամէն մէկ խումբի
կը յանձնարարէ նախորդ աշխատանքէն մեկնած եւ իրենց որոնումներուն հիման վրայ որմազդ մը պատրաստել՝ ընտրելով Մանուկներու երկու Իրաւունքներ եւ մէկ շաբաթ ետք, խումբ առ խումբ ներկայացնել:

4.    Անհատական աշխատանք
     Ուսուցիչը կը հրաւիրէ աշակերտները անհատական աշխատանք մը կատարելու:
Իւրաքանչիւր աշակերտ իր ծնողքին պիտի ուղղէ հետեւեալ հարցումը՝ «Ինչո՞վ կը տարբերէր ձեր մանկութիւնը մերինէն»:  Ապա, անոնք միասին պիտի քննարկեն Մանուկներու Իրաւունքներու գործադրութիւնը անցեալին եւ բաղդատեն ներկայի հետ, պարբերութեամբ մը ներկայացնելով տարբերութիւնները:
     Աշխատանքի աւարտին, բոլոր պարբերութիւնները կը զետեղուին պատի թերթին
վրայ:

5.    Տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ գրաւոր աշխատանք
     Աշակերտներուն ցուցադրել տեսերիզ մը եւ արծարծել անոր բովանդակութիւնը:
(Օգտագործուած աղբիւրներ)
  Տեսերիզը   կը ներկայացնէ    Մանուկներու   Իրաւունքները    եւ   անոնց    գոյութեան
անհրաժեշտութիւնը:

6.    Մանուկներու Իրաւունքներու իրազեկման արշաւ եւ միջոցառում
     Եզրակացնելով վերոյիշեալ   խմբային   աշխատանքները,   ուսուցիչը կը քաջալերէ
աշակերտները, որ կազմակերպեն Մանուկներու Միջազգային օրուան յատուկ ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուին նիւթին առնչուող կատարուած աշխատանքները:

Արժեւորում

Քննարկումներով եւ աշխատանքային թերթիկներով:

 

 

Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։