Դասանիւթ․- Առողջապահական Գիտելիքներ
Նիւթ․- Հիմնական Սննդանիւթեր
Տարիք․- 12-13 տարեկան
Պատրաստող Ուսուցիչ.- Նարօտ Նաճարեան
Ե-նամակ.- narod.najarian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Պատանիները ընդհանրապէս կ՚ուտեն որեւէ բան եւ կարեւորութիւն չեն տար իրենց ֆիզիքական աճման անհրաժեշտ սնունդին։ Հետեւաբար, անոնք պէտք է ծանօթանան
սննդանիւթերու եւ ուտելու եղանակներու, որոնք առողջ կը պահեն զիրենք եւ կը նպաստեն իրենց աճման գործընթացին։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, Աշակերտը պիտի կարենայ․-
– Սահմանել սննդագիտութիւն (nutrition), սնուցիչներ (nutrients) եւ ջերմուժ (calorie) յղացքները։
– Հասկնալ սնուցման կարեւորութիւնը հիւանդութիւններէ պահպանուելու համար։
– Վերլուծել, որ սննդեղէնի ընտրութեան վրայ կ’ազդեն անհատական նախասիրութիւնները եւ միջավայրի ազդեցութիւնները։
– Ծանօթանալ սնուցիչներուն հիմնական տեսակներուն։
– Ճիշդ ուտելու եղանակի եւ ուտելիքի առողջ ընտրութիւններ կատարել։
– Սննդեղէններու հաւասարակշրուած ծրագիր մը պատրաստել։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։