Դասանիւթ․- Հ. Պատմութիւն
Նիւթ․- Հայ Գիրերու Գիւտը Եւ Թարգմանչաց Տօն
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ․- Սեւան Դանիէլեան- Մկրեան
Ե- նամակ` sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Թարգմանչաց տօնը առիթ մըն է, որ հայ աշակերտը ծանօթանայ Հայոց գիրերու գիւտարար եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, ինչպէս նաեւ Սահակ Պարթեւին եւ Թարգմանչաց վարդապետներուն երախտաշատ վաստակին: Թարգմանչաց տօնը նաեւ առիթ է վերլուծական մօտեցումով անդրադառնալու այս պատմական իրադարձութեան եւ այս պարունակէն ներս վերարժեւորելու գրչութեան դերն ու կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի մը կեանքէն ներս։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
Բացատրել եւ վերլուծել թէ պատմական ինչ պայմաններու տակ ստեղծուեցան Հայոց գիրերը:
Պարզաբանել, թէ ինչո՛ւ Ե. դարը Ոսկեդար կոչուեցաւ։
Արժեւորել գիրերու գիւտին նշանակութիւնը գրականութեան, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։