Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Առածներ
Տարիք․- 12-14 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ․- Մարիա Կիրակոսեան
Ե-նամակ՝ maria.guiragossian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
• Առածները / ասոյթները կարեւոր են, որպէսզի աշակերտները բանաւոր եւ գրաւոր արտայայտութեան հմտութիւններ զարգացնեն, կարենան արտայայտել ապրումներ, զգացումներ, բացատրել երեւոյթներ եւայլն։
• Ընդհանրապէս աշակերտները չեն հասկնար առածները եւ բառացիօրէն կը փորձեն բացատրել զանոնք։ Այս փոխաբերական իմաստները յստակ ընկալելը եւ գործածելը կարեւոր չեն միա՛յն բառամթերք հարստատցնելու համար, այլ նաեւ՝ մօտէն ծանօթանալու հայ մշակոյթին։
• Առածներու/ասոյթներու ծանօթացումը կ՚օգնէ, որ աշակերտները կարենան ընկալել փոխաբերական իմաստ հասկացողութիւնը եւ չբաւարարուին բառացի բացատրութիւններով միայն։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Զանազանել փոխաբերական եւ բառացի իմաստ ունենալու յղացքները։
• Ճանչնալ առածները/ ասոյթները եւ ճիշդ տեղին օգտագործել զանոնք՝ գրաւոր եւ բանաւոր արտայայտութիւններուն մէջ։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։