Հայաստանի Մայրաքաղաքները

Հայաստանի Մայրաքաղաքները
0
(0)

Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Հայաստանի Մայրաքաղաքները
Տարիք․- 12-14
Ուսուցիչ.- Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան
Ե-նամակ` sevan.megerian@hayavant.com

Հիմնաւորում․-
Պատանեկան տարիքի աշակերտին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար իր հայրենիքի անցեալին մասին՝ առիթ ստեղծել շինիչ եւ ճանաչողական գիտելիքներու ամբարումին։
Այդ գիտելիքներու ճամբով, ան կ’իմանայ, որ իր հայրենիքը կը համարուի աշխարհի ամենէն շատ մայրաքաղաքներ ունեցող երկիրը, կ’ուսումնասիրէ անոր 12 մայրաքաղաքներուն աշխարհագրական դիրքը, մշակոյթն ու պատմութիւնը:

Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Թուել Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներուն անունները:
❖ Մատնանշել մայրաքաղաքները քարտէսին վրայ:
❖ Զարգացնել իր հետազօտական-վերլուծական, կարողութիւններն ու հմտութիւնները:
❖ Զուգահեռներ ընել անցեալի մայրաքաղաքներուն եւ անոնց ներկայ վայրերուն միջեւ

Դասի ընթացք

1. Ուսուցիչը աշակերտներուն կը բաժնէ Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներուն մասին
հակիրճ տեղեկութիւններ: ( Յաւելուած1)
2. Ապա աշակերտները կը բաժնէ հիմնական չորս խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակ
կը բաղկանայ չորս հոգիէ: Իւրաքանչիւրին կու տայ գոյն մը կամ թիւ մը: Իւրաքանչիւր գոյնի կամ թիւի կու տայ երեք մայրաքաղաքի մասին հակիրճ տեղեկութիւն, ապա կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր խմբակ իր ունեցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ պրպտումներ ընելով յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղէ եւ բաժնեկցի մնացեալներուն հետ: ( Յաւելուած2)
3. Ուսուցիչը աշակերտներուն օգնելու համար, կրնայ նախապէս պատրաստած ըլլալ
գունաւոր խաւաքարտեր, Հայաստանի քարտէսը ( Յաւելուած3) գունաւոր կտաւներ, բարակ փայտի կտորներ, մկրատ, դերձան, խէժ, համակարգիչ եւ այլն, որպէսզի աւելի ուշ զանոնք օգտագործեն իրենց աշխատանքները ներկայացնելու ընթացքին:
4. Դասի աւարտին, ուսուցիչը կը բազմագրէ Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի Երեւան»
երգին բառերը, միասնաբար կ’ընթերցեն, կը մեկնաբանեն, ապա կը փորձեն միասին երգել ( Յաւելուած4)

Արժեւորում․-

Իւրաքանչիւր խմբակ կը ներկայացնէ մայրաքաղաքներու մասին աշխատանք մը:

  • Առաջին խմբակը մեծ քարտէս մը կը պատրաստէ եւ քարտէսին վրայ կը տեղադրէ մայրաքաղաքներուն անունները, նշելով իւրաքանչիւրին ներկայ տեղանունը կամ վայրը:
  • Երկրորդ խմբակը կը ներկայանայ իբրեւ հաղորդավարներու խմբակ եւ հեռատեսիլի հաղորդաշար մը կը պատրաստէ քանի մը մայրաքաղաքի մասին, կամ բոլոր մայրաքաղաքներուն մասին (խաւաքարտ եւ այլ իրեր օգտագործելով կրնան պատրաստել հեռատեսիլի պաստառը, բարձրախօսը, հաղորդավարներուն տարազը եւ այլն, կամ՝ կրնան տեսերիզ մը պատրաստել:
  • Երրորդ խմբակը «Power point» կը պատրաստէ Հայաստանի մայրաքաղաքներուն մասին հիմնական տեղեկութիւններ տալով, ինչպէս նաեւ կարելի է նշել ներկայիս մայրաքաղաքներուն անուններով վաճառանիշներ կամ արտադրութիւններ:
  • Չորրորդ խմբակը թատերական ներկայացում մը կը պատրաստէ, ուր կը ներկայացուի արքայի մը մայրաքաղաք կառուցելու որոշումը, կամ մայրաքաղաքի մը նշանաւոր բարքերէն կամ սովորութիւններէն (օգտագործուած իրերը, սուրերը, արքայական թագը, պատմուճանը եւ տարազները պէտք է ըլլան ստեղծագործական) մէկը:
    Կը գնահատուի իւրաքանչիւր խմբակի աշխատանք, հարկ եղած թելադրանքները եւ մատնանշումները ընելով:

Իբրեւ եզրափակիչ աշխատանք, ուսուցիչը բոլորին կը բաժնէ արժեւորման հարցաթերթիկ մը ( Յաւելուած5):

Յաւելուած 1


Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։