Դասանիւթ․- Մշակոյթ
Նիւթ․- Համբարձում
Տարիք․- 12-14
Պատրաստող ուսուցիչ․- Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան
Ե- նամակ` sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Մշակոյթի փոխանցման ձեւերուն մէջ կարեւոր դեր ունին ազգային տօներն ու անոնց առնչուող ծէսերը անոնք էականօրէն մաս կը կազմեն մեր ազգային արժէքներուն աշակերտին ներդաշնակ հոգեընկերային զարգացման կարեւոր երեսներէն մէկը ազգային մշակոյթի իւրացումն է՝ աւանդոյթներու, ծէսերու եւ տօներու ծանօթացման ընդմէջէն:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ըմբռնել եւ բացատրել ծէսին նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։
❖ Սորվիլ եւ վերարտադրել Համբարձման ծէսին երգերն ու պարերը։
❖ Բացատրել Համբարձման տօնին ծիսական պայմանները, անոր խորհուրդն ու պատրաստման եղանակը:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։