Դասանիւթ․- ԿՐՕՆ
Նիւթ․- Կոյր Բարտիմէոսի Բժշկութիւնը
Տարիք․- 12-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Շողիկ Ուլաշեան
Ե-Նամակ.- shoghig.oulashian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յաճախ «Հաւատքի սահմանում»ի մասին կը խօսինք, եւ պատանիները այս գծով կրնան շփոթի մէջ ըլլալ, որովհետեւ վերացական նիւթ է։
Նման քննարկումներ առիթ կու տան, որ պատանին կարենայ մտածել հաւատքի երեւոյթին մասին եւ զայն իմաստաւորելու գծով գործնական օրինակներ առաջարկէ։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Վերլուծել Աստուծոյ հաւատալու եւ անոր կամքին համաձայն գործելու երեւոյթները:
❖ Հաստատել հաւատքի արդիւնք ձեռք ձգուած իրագործումները եւ անոր գործնականացման ընդմէջէն քաղուած «պտուղին» օգուտները։
❖ Զատորոշել տարբերութիւնը հաւատալուն ու հաւատքը գործով դրսեւորող արարքներուն միջեւ:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։