Դասանիւթ․- Աշխարհագրութիւն
Նիւթ․- Կիլիկիա
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ.- Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան
Ե-նամակ՝ sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ մեծ դեր խաղացած է Կիլիկիոյ հայկական պետականութիւնը, որ ստեղծուած եւ գոյատեւած է Միջերկրական ծովու ափին, Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւելքը, 1080-էն մինչեւ 1375: Սփիւռքահայ պատանիներուն մեծ մասը Կիլիկիոյ բնակիչներուն շառաւիղներէն սերած է: Իւրաքանչիւր պատանի պէտք է ճանչնայ իր պապենական քաղաքը, անորբնակիչներուն սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ ունեցած պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
1. Քարտէսին վրայ ցոյց տալ Կիլիկեան Հայաստանի տարածքը, աշխարհագրական բաժանումը եւ գլխաւոր քաղաքները:
2. Բացատրել դէպի Կիլիկիա հայերու հոսքին դրդապատճառները:
3. Վերլուծել աշխարհագրական դիրքին առանձնայատկութիւնները եւ ճշդել, թէ անիկա որքանո՛վ ազդած է Կիլիկիոյ հայերուն առօրեայ կեանքին վրայ:
4. Ճանչնալ պատմամշակութային գլխաւոր կոթողները, մատենագիրներն ու մանրանկարիչները:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։