Ժամանակի Տնօրինում

Ժամանակի Տնօրինում
0
(0)

Դասանիւթ․- Նկարագրի Կազմաւորում
Նիւթ.- Ժամանակի Արդիւնաւէտ Տնօրինում (Time Management)
Տարիք.- 12-13
Պատրաստող Ուսուցիչ.- Ալին Ներսէսեան Թաշճեան
Ե-նամակ` alin.tashjian@hayavant.com

Հիմնաւորում.-
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ժամանակի ճիշդ եւ կարգաւորուած ձեւով օգտագործումը առօրեայ կեանքի հեզասահ ընթացքին եւ արդիւնաւէտութեան համար անհրաժեշտութիւն է։ Այս մէկը կ՚օգնէ, որ անհատը իր ճշդած նպատակներուն աւելի դիւրաւ հասնի, առաջնահերթութիւններ որոշէ եւ նուազ ճնշուածութեամբ ապրի ու գործէ։

Նպատակակէտեր.-
Դասի աւարտին աշակերտը պիտի կարենայ.-
– Անդրադառնալ ժամանակի տնօրինման կարեւորութեան իր առօրեայ կեանքին մէջ:
– Ճշդել ռազմավարութիւններ ժամանակի արդիւնաւէտ կարգաւորման համար:


Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։


Որքա՞ն օգտակար էր այս դասանիւթը

Գնահատելու համար, սեղմէ աստղերը

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Բաժնեկցի՛ր:

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած

Այլ Դասանիւթեր

Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:

Հրապարակախօսութիւն

Հրապարակախօսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Ճանչնալ հրապարակախօսութեան կամ խօսք/ելոյթ մը պատրաստելու արդիւնաւէտ ձեւերը։
• Իր միտքերը լաւ ձեւով բանաձեւել եւ յստակօրէն ներկայացնել։
• Աւելի հանգիստ խօսիլ հանրութեան առջեւ։
• Ընտրել ճիշդ ոճն ու պատշաճ կեցուածքը նիւթի մը
ներկայացման ընթացքին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:

Անտառահատում

Անտառահատում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ստուգաբանել եւ սահմանել անտառահատում բառը ։ ❖ Թուել ծառերու կարեւորութիւնը ներկայացնող ազդակներ։
❖ Քննարկել անտառահատումէ յառաջացած հետեւանքները։
❖ Ցուցաբերել ստեղծագործական/գեղարուեստական աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Ցուցաբերել բանաւոր ներկայացումի հմտութիւններ։
❖ Առաջարկել միջոցառումներ կամ նախաձեռնութիւններ՝ մեղմացնելու/կանխարգիլելու համար անտառահատումի երեւոյթը։
❖ Քննական մօտեցումի օգտագործումով արծարծել անտառահատումի երեւոյթին կապուած բոլոր նիւթերը։