0
(0)
Դասանիւթ․- Նկարագրի Կազմաւորում
Նիւթ․- Ընկերասիրութիւն
Տարիք․- 12-13 տարեկան
Պատրաստող ուսուցիչ.- Բալիկ Խտրլարեան
Ե-նամակ.- palig.khederlarian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Ընկերասիրութիւնը կարեւոր է մարդկային առողջ յարաբերութիւններ մշակելու համար: Պատանեկան տարիքին ընկերները կ՚ունենան որոշիչ դեր եւ ազդեցութիւն։ Հետեւաբար,
ընկերասիրութեան թեման պէտք է արծարծել այս տարիքին եւ պատանիները մղել մտածելու անոր կարեւորութեան եւ արժէքին մասին։
Նպատակակէտեր.-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել ընկերասիրութիւն յղացքը:
❖ Թուել եւ սահմանել լաւ ընկեր մը ըլլալու յատկութիւնները:
❖ Տալ ընկերասիրութեան օրինակներ եւ գործնապէս արտայայտել զանոնք:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։