Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ․- Վարդուկ Քէշիշեան
Ե- նամակ՝ keshishianvartoug@gmail.com
Հիմնաւորում․-
Հայ ժողովուրդը ունի միջազգային հռչակ վայելող արժէքներ, որոնց մասին պէտք է տեղեակ ըլլայ պատանին իր ժողովրդային արժէքները ճանչնալու, զանոնք արժեւորելու եւ անոնցմով հպարտանալու համար։ Շարլ Ազնաւուր այդ արժէքներէն մէկն է եւ անոր կեանքին ու ասպարէզին ծանօթանալը հետաքրքրական աշխատանք մը կրնայ ըլլալ աշկերտներուն համար։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Տեղեկատուական յուշագրական հատուած մը կարդալու հմտութիւնը զարգացնել:
➢ Տեղեկահաւաք կատարել:
➢ Հատուածը վերապատմել։
➢ Զեկուցում մը պատրաստել Ազնաւուրի մասին՝ նոր տեղեկութիւններով:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։